2014-04-09 09:38:02

''Vatican Media Center''` Վատիկանի լրատուական կեդրոնը


Սուրբ Զատկուայ տօնակատարութիւններուն եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ ու Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետներու սրբադասման արարողութեան առթիւ, 10 - 30 ապրիլ 2014, Վատիկանի Պօղոս Զ. անուան սրահի նախագաւիթին մօտ, ''Vatican Media Center'' անուան տակ կը հաստատուի լրատուական կեդրոն մը, ծրագրուած, մշակուած եւ իրականացուած, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի, Վատիկանի Ռատիոկայանի եւ Հեռուստակայանի կեդրոններու համագործակցութեամբ ինչպէս նաեւ Վատիկանի կառավարութեան զանազան կառոյցներու աջակցութեամբ։
Կեդրոնը ունի լրատուական երեք բաժին` տպագիր, հեոուստատեսիլային եւ Ռատիոյ։ Ռատիոյի բաժնի ղեկաւարութիւնը յանձնուած է Վատիկանի Ռատիոկայանին` համագործակցութեամբ միջազգային Ռատիոներու Միութեան։
Վատիկանի լրատուական կեդրոնը կարելի է մուտք գործել գրանցուելով Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի մօտ։







All the contents on this site are copyrighted ©.